2013-07-22 10:04:41

Սումարէ` Քահանայապետին Բնակավայրը


Սումարէ շէնքի առաջին կառուցումը աւարտած է 1912 թուկանին եւ տարիներ ամբողջ եղած է Ռիո Տէ Ժանէյրիոյի Արքեպիսկոպոսին բնակավայրը։

ՅՊԲ երջանկայիշատակ քահանայապետին անդրանիկ այցելութեան առթիւ 1980 թուականին, շէնքին մօտ կառուցուած է հոլովաթիռի կայան մը։

Ֆրանչիսկոս պապը, կը հանդիսանայ երկրորդ քահանայապետը որ Պրազիլ այցելելով Սումարէյի մէջ կը հաստատէ ժամանակաւոր բնակութիւն։
Սումարէ Տան կառավարիչն է Քոյր Իրմա Թերէզինա։ Հաղորդագրութեան մը ընթացքին քոյր Թերէզինա յայտնած է , որ իր տունը պիտի հիւրընկալէ 7 քահանաներ, 30 Կարտինալներ եւ Սրբազան Հայրը եւ թէ բոլոր հիւրերը անխտիր միաձեւ հիւրասիրութիւն պիտի ստանան։








All the contents on this site are copyrighted ©.